Ռուսաստանի դաշնակիցը հայ ժողովուրդն է. Փաշինեանը պատասխանած է Մարկարիթա Սիմոնեանի հրապարակման

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական rbc.ru լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է RT հեռուստաընկերութեան ղեկավար՝ Մարկարիթա Սիմոնեանի մեղադրանքներուն։ Լրագրողին հարցին՝ արդեօք կարդացած է Սիմոնեանի գրառումը, Փաշինեան ըսած է, որ չէ կարդացած, բայց ծանօթ է բովանդակութեան։
Մեկնաբանելով Հայաստանի նախկին նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդման հարցով մեղադրանքները, Փաշինեան նշած է, որ Ռուսաստանի դաշնակիցները առանձին քաղաքական գործիչները չեն, այլ հայ ժողովուրդն է։ «Ռուսաստանի մէջ պէտք է հասկնան, որ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դաշնակիցը Փաշինեանը, Պետրոսեանը, Պօղոսեանը, Սարգսեանը, Քոչարեանը չեն, դաշնակիցն ու գործընկերը հայ ժողովուրդն է։ Սա շատ կարեւոր նրբութիւն է», – ըսած է Փաշինեան։
Վարչապետի խօսքով, Հայաստանի մէջ բազմաթիւ գործիչներ իրենք զիրենք փորձած են Ռուսաստանի գործընկեր ներկայացնել։
ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական РБК հեռատեսիլային ալիքին տուած հարցազրոյցին չէ բացառած հայ-ատրպէյճանական վերջին սրացումներու ֆոնին լայնամաշտապ պատերազմի հաւանականութիւնը, որովհետեւ կան ուժեր եւ երկիրներ, որոնք կը բորբոքեն այդ հակամարտութիւնը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, լրագրողի հարցին, թէ կրնայ ըսել, որոնք են այդ երկիրները, Փաշինեան պատասխանած է, որ առաջին հերթին Թուրքիան է։
«Ատոր համար կան ընթացիկ շահեր եւ պատմական պատճառներ, որովհետեւ Թուրքիան չէ հրաժարած հայերու ցեղասպանութեան քաղաքականութենէն։ Թուրքիոյ նախագահը ոչ միայն չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, այլեւ կ'արդարացնէ այն»,- նշած է Փաշինեան։
Ըստ վարչապետին՝ կայ նաեւ Թուրքիոյ այսպիսի վարքագծին այլ գործօն։
«Թուրքիան, ինչպէս եւ նախորդ դարու սկիզբին, ունի երազանք՝ վերահսկել Հարաւային Կովկասը։ Եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ 30 տարիներու ընթացքին, անոնք ամէն օր կ'աշխատին, որպէսզի կեանքի կոչեն այդ երազանքը եւ նպատակը»,- նշած է Փաշինեան։
ՀՀ վարչապետը կը կարծէ, որ առաջին հերթին Ռուսաստանին հասկնալի է, թէ այդ ամէնը ինչ աշխարհաքաղաքական զարգացումներ կրնան ունենալ։