Ռուսական կողմը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու թիւի աճի կապակցութեամբ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանն ու Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը հեռախօսազրոյց ունեցած են: Այս մասին կը յայտնէ ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ուշադրութեան կեդրոն եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտին ստեղծուած իրավիճակէն դուրս ելլելու ուղիներու որոնումը: Ռուսական կողմը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու թիւի աճի կապակցութեամբ:
Վերահաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ եւ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի նախագահներու համատեղ յայտարարութեան համահունչ քաղաքական դիւանագիտական դաշտ վերադարձնելու պատրաստակամութիւնը: