Ռուբէն Հայրապետեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է

2020-05-27
Image

Փաստաբան Արամ Մակինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է.

«Կը հետախուզուին հետախուզման հիմքերը…

Այսօր քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան վարչութեան քննիչի կողմէ որոշում կայացուած է Ռուբէն Հայրապետեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու մասին եւ այդ այն պարագային, երբ

1. յստակ յայտնի է անոր գտնուելու վայրը,

2. առկայ են Հայաստան վերադառնալու անյաղթահարելի խոչընդոտներ, որոնց մասին մենք պատշաճ իրազեկած ենք քննիչին

Ի հարկէ  չեն մոռցած նաեւ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու միջնորդութիւն ներկայացնել դատարան:

Օրէնք, համավարակ, քարանթին- չէ՝ չենք լսած…»։