Պորել չէ կրցած եռակողմ հանդիպում կազմակերպել ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներուն հետ

2020-12-18
Image

ԵՄ արտաքին գործոց գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորելը հինգշաբթի յայտնած է, որ փորձած է եռակողմ հանդիպում կազմակերպել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ, բայց չէ կրցած յաջողցնել, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը:

«Քանի որ երկու նախարարներն ալ կապ կը պահպանէին ինծի հետ, մենք փորձեցինք եռակողմ կապ հաստատել` Եւրոմիութիւն, Հայաստան եւ Ատրպէյճան: Պարզուեցաւ, որ այդ անհնար է, ուստի ես երկու նախարարներուն հետ առանձին պիտի հանդիպիմ»,- ըսած է Պորելը Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի նիստէն առաջ, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանը:

Ուրբաթ նախատեսուած է ԵՄ-Ատրպէյճան համագործակցութեան խորհուրդը, որուն կը սպասեն նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Բայրամովին:

Պորելը նշած է, որ այս հանդիպումները տեղի կ'ունենան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէն ետք:

«Մօտ 40 օր առաջ` 10 նոյեմբերին, Ռուսաստանի կողմէ ձեռք բերուած հրադադարի մասին համաձայնագիրը, անկասկած, կանխեց մարդկային հետագայ զոհերը: Բայց անցեալ շաբաթ, ցաւօք, հրադադարի ռեժիմի խախտումներու մասին հաղորդումներ լսեցինք երկու կողմերէն ալ: Հրադադարի ռեժիմի լիարժէք պահպանումը կը շարունակէ պարտադիր ըլլալ»,- շեշտած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավարը:

Ան հաստատած է, որ Եւրոմիութիւնը լիովին կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափին: