ՊՆ խօսնակը հրապարակած է դրուագներ զինծառայողներու սխրագործութիւններէն

ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը դիմատետրի իր էջին զինծառայողներու սխրագործութիւններու մասին գրառում կատարած է․
Գրառման մէջ մասնաւորոպէս նշուած է․
«Ռազմի դաշտին մէջ իրենց վարպետութեամբ ու յաղթանակի հասնելու վճռականութեամբ աչքի ինկած են նաեւ մեր հակաթանկային ստորաբաժանումները:
Այսպէս, N զօրամասի հակաթանկային մարտկոցը հակառակորդի լայնածաւալ յարձակման, թէժ մարտերու ու հրետակոծութեան պայմաններուն մէջ, հմտօրէն կազմակերպելով անվտանգ տեղաշարժերն ու դիրքաւորումը, ոչնչացուցած է հակառակորդի բազմաթիւ զրահամեքենայ եւ կենդանի ուժ` հնարաւորութիւն տալով մեր ստորաբաժանումներուն կատարել մարտական խնդիրները:
Մասնաւորապէս.
Հակաթանկային դասակի հրամանատար, աւագ լեյտենանտ Սարգիս Նորիկի Գրիգորեանը ոչնչացուցած է հակառակորդի 1 հրամանատարական կէտ եւ խոցած է 1 հրասայլ:
Հակաթանկային մարտկոցի աւագ գործարկող, կրտսեր սերժանթ Արմէն Ստեփանի Սիմոնեանը խոցած է 1 ուղղաթիռ, 1 «ՈՒՐԱԼ» մեքենայ` անձնակազմով:
Հակաթանկային մարտկոցի աւագ գործարկող, աւագ սերժանթ Սիմոն Յովհաննէսի Թորոեանը խոցած է 2 հրասայլ, 1 ՀՄՄ, 1 «ՈՒՐԱԼ» մեքենայ` անձնակազմով:
Հակաթանկային մարտկոցի աւագ գործարկող, աւագ սերժանթ Գարեգին Նորայրի Թորոսեանը խոցած է 6 հրասայլ, 1 ՏՕՍ-1 հրանետ, 1 «ՈՒՐԱԼ» մեքենայ` անձնակազմով, 4 ապաստարան:
Հակաթանկային մարտկոցի աւագ գործակող, շարքային Լեւոն Արթուրի Մելքոնեանը խոցած է 1 «ՈՒՐԱԼ» մեքենայ` անձնակազմով, ոչնչացուցած է 2 վրան՝ իւրաքանչիւրին մէջ մօտ 25 զինծառայող:
Հակաթանկային մարտկոցի մեքենայի հրամանատար-գործարկող, աւագ սերժանթ Միսակ Համլէթի Պետրոսեանը խոցած է հակառակորդի 1 հրասայլ»: