Պէտք է օգնել իրարու՝ տնտեսութիւնը նոր ցնցումներու չենթարկելու համար. Փաշինեանը՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման մասին

2020-05-25
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ քիչ առաջ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման: Պաշտպանիչ դիմակներու վերաբերեալ ան նշեց, որ դիմակ կարելի է պատրաստել նաեւ տնային պայմաններուն մէջ:

Փաշինեանը ընդգծեց, որ առաջիկայ ոչ աշխատանքային օրերուն ալ հարկաւոր է պահպանել սահմանուած կանոնները: Անոր խօսքով՝ պէտք է օգնել իրարու՝ տնտեսութիւնը նոր ցնցումներու չենթարկելու համար:

«Համավարակի յաղթահարման հիմնական գործիքը մեզմէ իւրաքանչիւրի անհատական գիտակցումն ու պատասխանատւութիւնը պէտք է ըլլայ: Կը հաւատամ, որ մենք իրարու հետ կրնանք այդ ընել»,- ըսած է Փաշինեան: