Պատերազմի սպառնալիքները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ Ղարաբաղեան հարցի լուծման առընթեր. Աննա Նաղդալեանի յայտարարութիւնը

2020-05-21
Image

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակի մեկնաբանութիւնը Արցախի նորընտիր նախագահի՝ Շուշիի մէջ կայանալիք երդմնակալութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի ԱԳՆ կողմէն եղած յայտարարութեան․

«Հարկ կը համարեմ նշել, որ պատերազմի սպառնալիքները եւ ռազմատենչ կեցուածքը՝ ըլլան անոնք յայտարարութիւններու, թէ միջազգային յանձնառութիւններու խախտմամբ իրականացուող լայնամաշտապ զօրավարժութիւններու տեսքով, Ատրպէյճանի ոչ կառուցողական դիրքորոշման աւանդական բաղադրիչներն են, որոնք որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ հայկական կողմերու դիրքորոշումներուն եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացներուն վրայ: Այնուհանդերձ, անոնք միանշանակօրէն կը վնասեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, որ անհրաժեշտ է բովանդակային հարցերու դիտարկման համար: Հայաստանը հաւատարիմ է հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս:

Անգամ մը եւս շնորհաւորելով Արցախի ժողովրդը ժողովրդավարական գործընթացներու հետեւանքով իշխանութիւն ձեւաւորելու կապակցութեամբ՝ կ'ուզենք վերահաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ խաղաղ գործընթացին մէջ Արցախի ժողովուրդը ներկայացնող նոր իշխանութիւններու հետ եւ այդ պարունակէն ներս հետեւողականօրէն պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը՝ առանց որեւէ սահմանափակման»: