Ո՞վ է Տաւուշեան մարտերու մասնակից, ՀՀ ազգային հերոսի կոչման ներկայացուած Ռուբէն Սանամեանը

2020-08-17
Image

Տաւուշեան մարտերու մասնակից, ՀՀ ազգային հերոսի կոչման ներկայացուած հրամանատար Ռուբէն Սանամեանը Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքէն է, զինուած ուժերուն մէջ կը ծառայէ  8 տարիէն աւելի: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է փաստաբան Նորայր Նորիկեանը, որ նաեւ նշած է, որ ծանօթ է Սանամեանին ու անոր կատարած սխրանքին:

«Իմ ունեցած խիստ հաւաստի տեղեկութիւններով Ազգային հերոսի կոչման ներկայացուած Ռուբէն Սանամեանի սխրանքը հերոսական է, եւ ան իսկապէս բացառիկ ծառայութիւններ մատուցած է մեր հայրենիքին: Ընդհանրապէս տաւուշեան մարտերուն շատ մեծ եղած է Սանամեանի դերը եւ ռազմաքաղաքկան առումով շատ կարեւոր եղած են տաւուշեան մարտերը»,- ըսած է ան:

Նորիկեանի խօսքով` Սանամեանը իր արիութեամբ աչքի ինկած է 2012 թուականին եւ այն ժամանակ ալ նախկին պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրամանատար Ռուբէն Սանամեանը Ազգային հերոսի կոչման արժանացնելու եւ «Հայրենիք»-ի շքանշանով պարգեւատրելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանին:

Նախագահի կողմէն միջնորդութիւնը հաստատուելու պարագային Ռուբէն Սանամեանը պիտի դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան 18-րդ Ազգային հերոսը: