Շուշին կը հրթիռակոծուի. կան զոհեր եւ վիրաւորներ

2020-10-04
Image

Ատրպէյճանը սկսած է հրթիռակոծել նաեւ Շուշին, որու հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

«Բացի այդ, դեռ կը շարունակուի Ստեփանակերտի հրթիռակոծութիւնը։ Արցախի մայրաքաղաքին մէջ, ցաւօք, նոյնպէս կան զոհեր եւ վիրաւորներ»,–ըսած է Պօղոսեանը։
Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ զոհերը քաղաքացիական անձինք են։ Իսկ թէ քանիի անձի մասին է խօսքը` Պօղոսեանն ըսած է, որ տեղեկութիւնը կը ճշդուի։

Նշենք, որ արցախա–ատրպէյճանական սահմանին ռազմական գործողութիւններու սկսման պահէն սա առաջին դէպքն է, որ կը հրթիռակոծուի նաեւ Շուշի քաղաքը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին, ապա այն ատրպէյճանական կողմի թիրախ յայտնուած էր դեռ 28 սեպտեմբերէն։

Այսօր առաւօտէն Ստեփանակերտի հրթիռակոծումը կը շարունակուի։