Ներկայ պահուն ճակատային գիծին վրայ տարբեր աշխոյժութեամբ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները. ՊԲ

2020-10-10
Image

Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման հետեւանքով ձեռք բերուած մարդասիրական նպատակներով հրադադարի մասին յայտարարութենէն ետք արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ, հրթիռա-հրետանային մենամարտեր:

Ներկայ պահուն ճակատային գիծին վրայ տարբեր աշխոյժութեամբ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները: Առաւել թէժ մարտեր կ'ընթանան հարաւային ուղղութեամբ: Հակառակորդը լայնօրէն կը կիրառէ հարուածային թռչող սարքեր: ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կը դիմագրաւեն հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները եւ կը պատճառեն ցաւոտ հարուածներ: