Ներկայ պահուն հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով վերսկսած են մարտական գործողութիւնները

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է կայուն-լարուած: Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը էական փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ, հրթիռա-հրետանային հարուածներ:
Ներկայ պահուն հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով վերսկսած են մարտական գործողութիւնները: ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն տիրապետել իրադրութեան եւ իրենց հմուտ գործողութիւններով ճնշել հակառակորդի աշխոյժութիւնը: