Նախագահ Սարգսեան ստորագրած է «Ապօրինի գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը

2020-05-12
Image

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 11-ին ստորագրած է «Ապօրինի գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը եւ 14 յարակից օրէնքները, կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն: Օրէնքները Ազգային ժողովի կողմէն նախագահի ստորագրման ներկայացուած էին Ապրիլ 21-ին:

Ինչպէս կը նշեն նախագահի աշխատակազմէն, օրէնքի ընդունումը Կառավարութիւնը կը հիմնաւորէ յանցաւորութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու եւ այդ յանցաւոր գործունէութեան արդիւնքով ապօրինի ձեռք բերուած գոյքը բռնագանձելու անհրաժեշտութեամբ: Հաղորդագրութեամբ կը յիշեցնեն նաեւ, որ օրէնքի նախագիծի քննարկման փուլին եւ զայն նախագահի ստորագրման ներկայացուելէն ետք, բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ, օտարերկրեայ ներդրողներ, իրաւաբանական եւ մասնագիտական հանրութեան եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ, իրաւապաշտպաններ եւ անհատ քաղաքացիներ, իրենց մտահոգութիւնը ներկայացուցած են նախագահի աշխատակազմին, օրէնքի սահմանադրականութեան, օրէնքի կիրառման հետեւանքով հնարաւոր քորուփցիոն վտանգներու, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան զարգացման, ներդրումային միջավայրի եւ ֆինանսական կայունութեան վրայ օրէնքի հնարաւոր բացասական ազդեցութեան եւ հետեւանքներու վերաբերեալ:

«Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը արտայայտուած մտահոգութիւններն ու նկատառումները հանգամանալից եւ հետեւողականօրէն քննարկած է Ազգային ժողովի պետական-իրաւական մշտական յանձնաժողովի նախագահի ու արդարադատութեան նախարարի հետ եւ ստացած է պարզաբանումներ: Հանրապետութեան նախագահը մեծապէս կը կարեւորէ յանցաւորութեան դէմ պայքարը: Միեւնոյն ժամանակ կ'ակնկալուի, որ օրէնքը պէտք է կիրառուի ընդունման իրաւաչափ նպատակին խիստ համապատասխան՝ որպէս բացառիկ միջոց առանձնապէս բարձր հանրային վտանգաւորութիւն ունեցող յանցագործութիւններու դէմ պայքարելու համար: Օրէնքի անբարեխիղճ կիրառումը կրնայ խաթարել պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը եւ վտանգի տակ դնել անոր արդիւնաւէտութիւնը»,- նշուած է նախագահի աշխատակազմի յայտարարութեան մէջ: