Մոսկուա հրաւիրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները. Քրեմլ

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը կոչ ըրած է մարդասիրական նկատառումներով դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ նախագահի պաշտօնական կայքը, այս թեմայով խորհրդակցութիւն իրականացնելու նպատակով 9 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրուած են Մոսկուա:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շարք մը հեռախօսային զրոյցներէն ետք Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը դիմած է կոչով` դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, որոնք կ'ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ` մարդասիրական նկատառումներով, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ փոխանակել գերիներն եւ զոհուածներու մարմինները:
ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ այս թեմայով խորհրդակցութիւններ իրականացնելու համար 9 հոկտեմբերին Մոսկուա հրաւիրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները»,-ըսուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ: