Մոսկուայի հանդիպման գլխաւոր օրակարգ. Հրադադար, գերիներու եւ դիակներու փոխանակում

2020-10-09
Image

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը կը մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի կայանան Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ԱԳ նախարարներու խորհրդակցութիւնները:

«Ըստ ՌԴ նախագահի կոչի՝ օրակարգին մէջ բացառապէս ռազմական գործողութիւններու դադարեցման, մարդասիրական նպատակներով դիակներու եւ գերիներու փոխանակման հարցերն են»,- կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը: