Մի քանի անգամ յարձակող ալիքներով փորձած են գրաւել մեր դիրքերը, ետ շպրտուած են. Արծրուն Յովհաննիսեան

2020-10-16
Image

Վաղ առաւօտեան հակառակորդը մօտ մէկ ժամ ուժգին հրետակոծութենէ ետք հիւսիսային ուղղութեամբ լայնածաւալ յարձակում սկսած է։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը՝ նշելով, որ մի քանի անգամ յարձակող ալիքներով փորձած են գրաւել մեր դիրքերը, սակայն հայ ռազմիկներու քաջութեան ու հմտութեան շնորհիւ ետ շպրտուած են կրելով զգալի մեծ կորուստներ։