Միլանի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

Իտալիոյ Միլան քաղաքի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը եւ դատապարտած է Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յարձակումը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է քաղաքային խորհուրդի անդամ Մաթէօ Ֆորթէն:
Քաղաքային խորհուրդին մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչման հրատապ միջնորդութիւնը ընդունուած է միաձայն: Միջնորդութեամբ քաղաքային խորհուրդը յանձնարարած է Միլանի քաղաքապետին եւ քաղաքի գործադիր իշխանութիւններուն՝ խնդրել Իտալիոյ ազգային իշխանութիւններէն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը:
«Ճանաչումը կրնայ յանգեցնել ոչ միայն արդարութեան հաստատման, այլ վերջ դնել լռութեան, որ վաղուց դարձած է յանցագործութեան մեղսակցութիւն»,-ըսուած է քաղաքային խորհուրդի որոշման մէջ: