Միացեալ դատապարտում. Ռուսաստանը ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան դատապարտած են բռնութեան կտրուկ աճը

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, Ֆրանսան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ամենավճռական ձեւով կը դատապարտեն բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքին եւ ատոր սահմաններէն դուրս: Այս մասին ըսուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի համատեղ յայտարարութեան մէջ:
«Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները, ամենավճռական ձեւով կը դատապարտեն աննախադէպ եւ վտանգաւոր բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքին եւ անոր սահմաններէն դուրս»,- յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ-ն:
Նախարարները միանշանակօրէն ընդգծած են, որ վերջին յարձակումները, որոնց նպատակը, ենթադրաբար, քաղաքացիական կառոյցներն էին` ինչպէս շփման գիծի երկայնքով, այնպէս ալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն դուրս, ինչպէս նաեւ նման յարձակումներու անհամաչափութիւնը, անընդունելի սպառնալիք են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան համար:
Վկայակոչելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երեք երկիրներու ղեկավարներու 1 հոկտեմբերի յայտարարութիւնը՝ նախարարները կրկին կոչ ըրած են հակամարտութեան կողմերուն անյապաղ եւ անվերապահօրէն հաստատելու հրադադարի ռեժիմը:
«Համանախագահող երկիրները հաստատակամ են լիովին իրականացնելու իրենց վրայ դրուած ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային հանրութեան մանտաթը՝ Մինսքի խումբի անդամ երկիրներու աջակցութեամբ։ Այդ մանտաթի համաձայն՝ անոնք պիտի շարունակեն հետեւողականօրէն մեծցնել փոխգործակցութիւնը կողմերու հետ՝ կոչ ընելով անոնց առանց յապաղելու ստանձնելու կարգաւորման գործընթացը վերսկսելու պարտաւորութիւնները ՝ գոյութիւն ունեցող հիմնարար սկզբունքներու եւ համապատասխան միջազգային փաստաթուղթերու հիման վրայ, որոնք քաջ յայտնի են երկու կողմերուն», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ։