Մեր յաղթանակը կախուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատական եւ մեր միասնական, հաւաքական ջանքէն եւ պահուածքէն. Վարչապետը ուղերձը՝ Հայ ժողովուրդին

2020-09-27
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ուղերձ յղած է հայ ժողովուրդին: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ նշուած է.

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Արցախի հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Սփիւռքի հպարտ հայութիւն,

Քոյրեր եւ եղբայրներ,

Այսօր վաղ առաւօտէն Արցախի Հանրապետութիւնը ենթարկուած է ազրպէյճանական զինուած ուժերու յարձակման:

Ռմբակոծութեան կ՝ենթարկուին Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիական ենթա­կառուց­ուածքները: Այս պահու դրութեամբ կան արդէն զոհեր եւ վիրաւորներ, ներառեալ՝ խաղաղ բնակչութեան մէջ:

Օգտագործելով ծանր սպառազինութիւն, հրետանի, հետեւակ՝ հակառակորդը գրոհի կ՝ենթարկէ պաշտպանութեան բանակի դիրքերը՝ բոլոր ուղղութիւններով: Պաշտպանութեան բանակը, այս պահու դրութեամբ, յամառ մարտեր կը մղէ եւ պատուով կը կատարէ Արցախը պաշտպանելու իր խնդիրը՝ ձեռնարկելով իրավիճակէն բխող գործողութիւններ:

Սիրելի ժողովուրդ,

Իլհամ Ալիեւի բռնատիրական վարչակազմը վերստին անցած է պատերազմական գործողութիւններու: Ատիկա հայ ժողովուրդին յայտարարուած պատերազմ է: Ատիկա պատերազմ է մեր անկախութեան, ազատութեան եւ արժանապատւութեան դէմ:

Հայ ժողովուրդը պատրաստ է այդ պատերազմին: Քանզի միշտ սթափ գիտակցած է, որ հայատեացութիւնը, թշնամանքը եւ ատելութիւնը, որմով տասնամեակներ ի վեր ազրպէյճանական բռնապետութիւնը կը սնանէ իր ժողովուրդը, չէր կրնար որեւէ այլ արդիւնքի յանգեցնել, քան պատերազմը: Ազրպէյճանի բռնապետութիւնը իր իսկ վարած հակահայկական քաղաքականութեան պատանդը դարձած է եւ այսօր կը փորձէ արդարացնել իր իսկ որդեգրած քարոզչական խոստումները՝  Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական միջոցներով լուծելու մասին:

Հայ ժողովուրդը  պատրաստ է արժանի հակահարուած հասցնելու թշնամիին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորն է: Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր բնակչութեան ու պետական համակարգի ողջ ներուժով այսօր կանգնած է Արցախի թիկունքին: Մենք պիտի գործադրենք հնարաւոր եւ անհնար ամէն ջանք մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ պահելու, մեր ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու համար: Իբրեւ 1994թ. հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրած կողմ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական հարթակներու վրայ պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ գործողութիւններ՝ ԼՂ ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հակառակորդին խաղաղութիւն պարտադրելու նպատակով։

Այս պահու դրութեամբ հակառակորդը արդէն իսկ կը կրէ մարդկային եւ մարտական սարքերու զգալի կորուստներ: Ազրպէյճանը պէտք է քաջ գիտակցի, որ մեր բանակի մարտունակութիւնը այսօր բարձր է, քան երբեւէ: Թշնամին պէտք է հասկնայ, որ Արցախի թիկունքին այսօր կանգնած է համայն հայութիւնը:

Մենք միասնական ենք ինչպէս միշտ: Մենք միասնական ենք, ինչպէս եղած ենք մեր պատմութեան վճռորոշ բոլոր պահերուն, երբ ոսոխը սպառնացած է մեր գոյութեան, մեր ինքնութեան ու արժէքներուն: Ազրպէյճանի բռնապետ իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ անհնար է ծունկի բերել հայ ժողովուրդը: Մենք մեր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք բազմաթիւ վճռորոշ պահեր եւ յաղթահարած բազում դժուարութիւններ: Մեր գործը արդար է եւ այս յանցաւոր ոտնձգութիւնը եւս արժանի հակահարուած պիտի ստանայ: 

Մենք լաւ կը գիտակցինք, որ ազրպէյճանական բռնապետութիւնը ռազմական գործողութիւններ կրնայ սկսիլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն ուղղութեամբ ու դիմել տարբեր սադրանքներու՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ամբողջովին ապակայունացնելու համար: Այս է պատճառը, որ կառավարութեան որոշումով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ պետութիւններու եւ միջազգային ողջ հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ իրավիճակի լրջութեան վրայ: Հարաւային Կովկասի մէջ լայնածաւալ պատերազմի բռնկումը, որուն շեմին մենք հիմա կանգնած ենք, կրնայ ամենաանկանխատեսելի հետեւանքները ունենալ: Անիկա կրնայ դուրս գալ տարածաշրջանի սահմաններէն եւ ձեռք բերել շատ աւելի լայն ծաւալ՝ սպառնալով միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան:

Միջազգային հանրութեան կոչ կ՝ընեմ գործադրելու ազդեցութեան բոլոր լծակները՝ զերծ պահելու Թուրքիան հնարաւոր բոլոր միջամտութիւններէն, որ վերջնականապէս կ՝ապակայունացնէ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ: Թուրքիոյ յարձակողական վարքագիծը, որ խիստ վտանգաւոր դրսեւորում ունեցաւ յատկապէս յուլիսեան դէպքերուն ժամանակ եւ կը շարունակուի այսօր, լուրջ մտահոգութեան տեղ կու տայ: Թուրքիոյ նման վտանգաւոր կեցուածքի պահպանումը ամենակործանարար հետեւանքներով յղի է Հարաւային Կովկասի եւ յարակից տարածաշրջաններու համար: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է միասնական ջանքերով կանխէ դէպքերու վտանգաւոր զարգացումը եւ տարածաշրջանը զերծ պահէ ապակայունացնելու բոլոր փորձերէն:  

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսօր մենք կանգնած ենք լուրջ վտանգի առաջ: Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ համավարակի պայմաններուն մէջ: Ուստի պահի լրջութիւնը կը պահանջէ մեր բոլորին զգօնութիւնը: Մեր յաղթանակը կախուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատական եւ մեր միասնական, հաւաքական ջանքէն եւ պահուածքէն:

Կոչ կ՝ընեմ բոլորին ցուցաբերելու բարձրագոյն աստիճանի կարգապահութիւն եւ բարձր քաղաքացիական գիտակցութիւն: Եւ մենք պիտի յաղթենք:

Եւ ուրեմն՝

Կեցցէ Ազատութիւնը,

Կեցցէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,

Կեցցէ Արցախի Հանրապետութիւնը,

Կեցցենք մենք եւ մեր երեխաները, որ պիտի ապրինք Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստանի մէջ, Ազատ եւ Երջանիկ Արցախի մէջ:

Փառք Հայոց բանակին:

Յաւերժ փառք Հայ զինուորին»: