Մեր ժողովուրդը աւելի միասնական է, քան երբեւէ եւ վճռական է պաշտպանելու իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը. Փաշինեանը` ԵԱՏՄ գործընկերներուն

Հայկական կողմը հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման սկզբունքին եւ պատրաստ է վերսկսելու խաղաղութեան գործընթացը` համաձայն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին քանի մը օրուան յայտարարութիւններուն: Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպման ժամանակ:
Փաշինեանը նախ յիշեցուցած է, որ երկու շաբաթ առաջ Ատրպէյճանը սկսած է լայնածաւալ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Ատրպէյճանի զօրքերը, որոնց կ'աջակցի Թուրքիան, ռազմական գործողութիւններ կ'իրականացնեն՝ օգտագործելով նորագոյն արհեստագիտութիւններու բոլոր տեսակները: Անոնք ուղղուած են ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին դէմ: «Մենք այդ գործողութիւնները կը գնահատենք որպէս ատրպէյճանա-թրքական յարձակում հայ ժողովուրդի դէմ: Մեր ժողովուրդը շատ լուրջ մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած է: Մեր անվտանգութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը վտանգուած են: Մեր քաղաքներն ու գիւղերը կը գտնուին հրթիռային եւ հրետանային անընդհատ կրակի տակ: Թիրախաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութիւնը: Կան բազմաթիւ սպանուածներ ու վիրաւորներ: Լուրջ վնաս հասցուած է ենթակառուցուածքին, աւերուած են բնակելի շէնքեր: Ամենաշատը տուժած է Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մարդասիրական աղէտի եզրին է: Մեր ժողովուրդի դէմ ռազմական գործողութիւններուն կը մասնակցի ոչ միայն ատրպէյճանական բանակը, որ կ'ուղղորդուի թուրք ռազմական մասնագէտներու կողմէ: Անոր ներգրաւուած են նաեւ Թուրքիոյ կողմէ հաւաքագրուած վարձկաններ եւ զինեալներ Սուրիայէն»,-ըսած է Փաշինեանը:
Ան յիշեցուցած է, որ այս փաստը հաստատուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն պաշտօնական յայտարարութիւններով, ինչպէս նաեւ միջազգային հեղինակաւոր ԶԼՄ-ներուն մէջ բազմաթիւ հրապարակումներով: Առանձնակի մտահոգութիւն կ'առաջացնեն Թուրքիոյ աշխոյժ գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան ամբողջովին ապակայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ: Փաշինեանը շեշտած է, որ հակառակ բոլոր ջանքերուն, հակառակորդը չկարողացաւ հասնիլ նշանակալի յաջողութեան:
«Մեր ժողովուրդը աւելի միասնական է, քան երբեւէ եւ վճռական է պաշտպանելու իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Մենք հաւատարիմ ենք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման սկզբունքին եւ պատրաստ ենք վերսկսելու խաղաղութեան գործընթացը` համաձայն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին քանի մը օրուան յայտարարութիւններուն»,-ըսած է վարչապետն ու աւելցուցած՝ այդ Հայաստանի համար ճակատագրական թեմայ է, եւ ինքը, անկասկած, կ'ուզէր ԵԱՏՄ երկիրներու իր գործընկերներուն հետ բաժնեկցիլ տեղեկատւութիւն այն ողբերգական իրադարձութիւններու մասին, որոնք այժմ տեղի կ'ունենան անհանգիստ տարածաշրջանին մէջ:
Ան առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է պատուիրակութիւններու բոլոր անդամներուն այս դժուարին պահին Հայաստան ժամանելու համար: «Սա առանձնայատուկ արժէքաւոր է մեզի համար», - ըսած է վարչապետը:
Երեւանի մէջ 9 հոկտեմբերին տեղի կ'ունենայ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հանդիպումը: Նեղ կազմով հանդիպումն արդէն կայացած է: Անոր մասնակցած են Հայաստանի, Ռուսաստանի, Պելառուսիայի, Ղազախստանի կառավարութիւններու ղեկավարները եւ ԵԱՏՀ գործընկերութեան նախագահ Միխայիլ Մյասնիկովիչը: