Մեր զօրքերը հերոսական ու յամառ մարտեր կը մղեն․ Արծրուն Յովհաննիսեան

Մեր զօրքերը հերոսական ու յամառ մարտեր կը մղեն։ Այս մասին իր դիմատետրի էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։
Աւելի վաղ ԱՀ նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել մարդասիրական հրադադարի ռեժիմը եւ վաղ առաւօտէն կրկին լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւններ սկսած է առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով: Հրետանային զինատեսակներէն կը գնդակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը: Բանակային ստորաբաժանումներու հետ ուժգին ռազմագործողութիւններուն ատրպէյճանական կողմէն կը մասնակցին քանի մը հազար վարձկան-ահաբեկիչներ: Պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ՝ փորձելով կասեցնել թշնամիի նախայարձակ գործողութիւնները: