Մեր երկիրն ու հասարակութիւնը դիմակայունութեան ու համախմբուածութեան նոր մակարդակի հասած են․ Փաշինեան

2020-07-23
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր ֆեյսպուքեան էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․

«Սիրելի հայրենակիցներ, յարգելի գործընկերներ,

Յուլիսեան յաղթական մարտերը ցոյց տուին, որ 2018 թուականի Ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան, անոր հետեւած ժողովրդավարացման, փտածութեան դէմ պայքարի, բարեփոխումներու, բանակի զարգացման նոր հայեցակարգի շնորհիւ մեր երկիրն ու հասարակութիւնը դիմակայունութեան ու համախմբուածութեան նոր մակարդակի հասած են:

Մենք կրնանք ոգեւորուիլ այս փաստէն, բայց եւ՝ այդ ոգեւորութիւնը պէտք է փոխակերպուի ամենօրեայ ստեղծարար աշխատանքի, մեր երկրի տնտեսական, քաղաքական, ռազմական ու դիւանագիտական ներուժը զարգացնելու ուղղութեամբ: Եւ մենք կը յաղթենք: Որովհետեւ մեր յաղթանակը արդարութեան յաղթանակն է, ճշմարտութեան յաղթանակն է, մարդկութեան յաղթանակն է»: