Մենք կտրականապէս կը բացառենք ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը եւ կը շարունակենք խաղաղ գործընթացին մեր կառուցողական մասնակցութիւնը. Մնացականեան

2020-05-27
Image

26 Մայիսին տեսակապի ձեւաչափով տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը:

ԱԳ նախարարները քննարկած են ՀԱՊԿ շրջագիծէն ներս համագործակցութեան ամրապնդման, միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, անվտանգութեան ժամանակակից մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն համատեղ հակազդեցութեանն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:

Իր խօսքին մէջ Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը Կազմակերպութեան շրջածիրէն ներս փոխգործակցութեան խորացման՝ ուղղուած արտաքին քաղաքական համադրման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, պաշտպանական բաղադրիչի, սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն հակազդման մեխանիզմներու ամրապնդման:

Անդրադառնալով նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի տարածմամբ պայմանաւորուած միջազգային հանրութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ նախարար Մնացականեանը, մասնաւորապէս, նշած է.

«Համավարակի եւ անոր հետեւանքներու դէմ պայքարին մէջ անհրաժեշտ են միջազգային հանրութեան միասնական եւ համակարգուած գործողութիւններ: Մենք մեր լիակատար համերաշխութիւնը կը յայտնենք մեր դաշնակիցներուն համավարակի դէմ պայքարին եւ պատրաստ ենք կողք կողքի աշխատելու բոլոր ուղղութիւններով՝ բոլոր բացասական հետեւանքները յաղթահարելու եւ մեր պետութիւններու կայուն զարգացումը ապահովելու համար»:

Այս պարունակէն ներս նախարար Մնացականեան, ի թիւս այլ որոշումներու, կարեւորած է նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի համավարակի պայմաններուն ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի՝ համաշխարհային հրադադարի կոչին աջակցելու վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան ընդունումը:

«Մեր պետութիւնները առաջիններէն էին, որ իրենց լիակատար համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեցին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի՝ աշխարհի տարբեր մասերուն համաշխարհային հրադադարի հաստատման մասին կոչին:

Այս առումով կը ցանկամ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստի վրայ, որ հակառակ համաշխարհային հանրութեան միասնական ընկալման, որ անհրաժեշտ է համընդհանուր հրադադար հաստատել եւ կեդրոնանալ համավարակի եւ անոր հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու վրայ, մեր արեւելեան հարեւան Ատրպէյճանը չի հրաժարիր առաւելապաշտական ​​մօտեցումներէն եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն: Շփման գիծին հրադադարի ռեժիմը կը խախտուի, սահմանին կը շարունակուին սադրանքները, որոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան համար»:

Այս ծիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարարը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ 18-էն 22 մայիս ինկած ժամանակահատուածին յարձակողական բնոյթի մարտավարական լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն, որ իրականացուած է միջազգային յանձնառութիւններու՝ Վիեննայի փաստաթուղթի խախտմամբ: ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է, որ այդօրինակ գործողութիւնները, որոնք կը խարխլեն տարածաշրջանային կայունութիւնը եւ լուրջ վնաս կը հասցնեն խաղաղ գործընթացին, պէտք է պատշաճ կերպով դատապարտուին։

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ վերահաստատած է Հայաստանի եւ Արցախի նորընտիր իշխանութիւններու յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս:

«Մենք կտրականապէս կը բացառենք ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը եւ կը շարունակենք խաղաղ գործընթացին մեր կառուցողական մասնակցութիւնը, որուն ներուժը չի կրնար լիարժէք իրացուիլ առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան եւ բոլոր կողմերու համարժէք փոխզիջման»:

Նախարար Մնացականեանը իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն՝ ընդգծելով կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստի աւարտին ընդունուած են «Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-րդ տարելիցի կապակցութեամբ», «Covid-19 համավարակի հետ կապուած համընդհանուր հրադադար հաստատելու ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի կոչին աջակցութեան մասին», «Քորոնաժահրային վարակի դէմ պայքարին համերաշխութեան եւ փոխըմբռնման մասին» եւ «ՄԱԿ կանոնադրութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն հաւատարմութեան հաստատման մասին» համատեղ յայտարարութիւնները: