Մեծապէս կը կարեւորեմ Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութիւնը. Վարչապետ Փաշինեան

2020-05-22
Image

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի առանձնազրոյցը:

«Պարոն Վարչապետ, նախ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել երդմնակալութեան արարողութեան Ձեր մասնակցութեան եւ այն խօսքերուն, միտքերուն համար, ոոոնք Դուք արտայայտեցիք: Անոնք երկրի առաջնորդի անկեղծ խօսքեր էին, այդ ամէնը ես մտահոգութեան եւ խորհուրդներու տիրոյթի մէջ կը դիտարկում եւ կ'ուզեմ այսօր եւս յայտարարել, որ պատրաստակամ եմ կիսելու այն բեռը, խնդիրները, որոնք այսօր ծառացած են հայ ժողովուրդի, Հայաստան աշխարհի վրայ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մասնակցութեան համար»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Շնորհակալ եմ մեծարգոյ պարոն նախագահ: Նախ թոյլ տուէք անգամ մը եւս շնորհաւորել Ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու եւ պաշտօնամուտի առիթով: Երէկ իսկապէս պաշտօնամուտի տպաւորիչ միջոցառումներ տեղի ունեցան եւ տպաւորիչ առաջին հերթին բովանդակութեան առումով: Մինչ կը քալէինք այստեղ, ես ըսի, որ Արցախի մէջ հաստատուած է շատ լաւ մթնոլորտ եւ կը կարծեմ, որ մեր խնդիրը այս մթնոլորտը այս մակարդակի վրայ պահելն է եւ աւելի զարգացնելը: Եւ ի հարկէ շատ կարեւոր կը համարեմ, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն տեղի ունենայ, ատոր համար կան անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները: Համոզուած եմ` այդպէս ալ կ'ըլլայ»,– իր հերթին նշած է վարչապետ Փաշինեանը:

«Միանշանակ համակարծիք եմ պարոն վարչապետ: Մեր հասարակութիւնը ես կը դիտարկեմ որպէս մէկ ամբողջութիւն, չկայ Հայաստանի ժողովուրդ, Արցախի ժողովուրդ, կայ հայ ժողովուրդ եւ մենք այդ սկզբունքէն ելլելով պէտք է պահենք մթնոլորտը, զարգացնենք: Այն նախադրեալները, որոնք այսօր ստեղծուած են Արցախի մէջ ոչ միայն բարոյահոգեբանական, այլեւ տնտեսութեան զարգացման, ընկերային ծրագրերու, հայրենադարձութեան առումով, ամէն ինչ հնարաւոր է իրականացնել համատեղ աշխատանքի շնորհիւ: Դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պարոն վարչապետ»,– եզրափակած է Արցախի նորընտիր նախագահը:

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը հանդիպումը շարունակած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներ` Զոհրապ Մնացականեանի եւ Մասիս Մայիլեանի մասնակցութեամբ: