Մեզի անհրաժեշտ է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, եւ այս առումով Ռուսիոյ դերը կը մնայ չափազանց բարձր. Մնացականեան

2020-10-12
Image

«Այսօր մեզի անհրաժեշտ է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները Ղարաբաղի մէջ, եւ այս առումով Ռուսիոյ դերը կը մնայ չափազանց բարձր։ Ցաւօք, այսօր մենք չենք կրնար ըսել, որ գործնական ունինք կրակի լիարժէք դադարեցում: Բառացիօրէն իմ այստեղ ժամանելէն առաջ կը շարունակուէի լուրեր ստանալ, որ Ատրպէյճանը չի կատարեր կրակի դադարեցման մասով իր պարտաւորութիւնը». Մոսկուայի մէջ ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ փակ հանդիպումէն առաջ այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է՝ ընդգծելով, որ բարձր կը գնահատէ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռուսաստանի ներդրումը՝ լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ: Մնացականեանը տեղեկացուցած է, որ հակառակ ձեռք բերուած հրադադարի պայմանաւորուածութեան՝ Ատրպէյճանը չի կատարեր իր պարտաւորութիւնը եւ կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները, այդ շարքին քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ:

Այնուհետեւ Մնացականեանը խօսած է ռազմական գործողութիւններուն Թուրքիոյ մասնակցութեան մասին, հերթական անգամ արձանագրած է Սուրիայէն վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւման փաստը: