Մարտակերտի ուղղութեամբ թշնամին կիրառած է ռազմական օդուժ․ ՊԲ

2020-10-14
Image

Մարտակերտի ուղղութեամբ թշնամին այսօր կիրառած է ռազմական օդուժ։ Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Արցախի պաշտպանության բանակը։

«Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել մարդասիրական հրադադարը՝ կրկին թիրախաւորելով խաղաղ բնակավայրերն ու գիւղերը: Մասնաւորապէս Մարտակերտ քաղաքին հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնելէ բացի, այդ ուղղութեամբ այսօր թշնամին կիրառած է նաեւ ռազմական օդուժ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը տեղեկացուի, որ ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդին լռեցնելու համար կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու: