Մարտադաշտին մէջ թողելով 60 զոհ, ինչպէս նաեւ քանի մը տասնեակ խոցուած ու չվնասուած սարքեր, հակառակորդը դիմած է փախուստի

Գիշերուայ ընթացքին հակառակորդը փորձած է առաջանալ եւ ամրանալ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ (Ճեպրայիլ չհասած), սակայն հայկական զինուած ուժերու հրթիռահրետանային դիպուկ կրակով ատրպէյճանական ստորաբաժանումները խոցուած են։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։
Առաւօտեան 06:30-ին հերթական հրթիռահրետանային հարուածէն ետք , մարտադաշտին մէջ թողելով եւս 60 զոհ, ինչպէս նաեւ 22 միաւոր խոցուած, քանի մը տասնեակ սարքին զինամթերք, հակառակորդի գերհագեցած երեք ջոկատներու մնացորդները խուճապահար դիմած են փախուստի։ Տեսագրութիւնն առկայ է։
Հայկական ստորաբաժանումներու դիպուկ կրակով քիչ առաջ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ խոցուած է հակառակորդի վառելաքսուքային պահպանման խոշոր պահեստ։ Տեսանիւթը՝ շուտով։
Ճակատի տարբեր ուղղութիւններուն վրայ ստեղծուած են հնարաւորութիւններ յաջողութիւնները զարգացնելու համար։