Մամլոյ Խօսնակը յորդորած է ԶԼՄ գործընկերը զերծ մնալ վարչապետի խօսքը ոչ ամբողջական կամ սեփական մեկնաբանութեամբ ներկայացնելէ

ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը դիմատետրի իր էջին ներկայացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղիղ խօսքը AFP գործակալութեան:
«Շահարկումներէն խուսափելու նպատակով, կը ներկայացնեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղիղ խօսքը AFP գործակալութեան։
«Հակամարտութիւններու կարգաւորումը պէտք է իրականացուի փոխզիջումներու հիման վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը պատրաստ են զիջումներու այնքանով, որքանով Ատրպէյճանն է պատրաստ զիջումներու»:
Կը յորդորեմ ԶԼՄ գործընկերը զերծ մնալ վարչապետի խօսքը բուն պարունակութենէն դուրս, ոչ ամբողջական կամ սեփական մեկնաբանութեամբ ներկայացնելէ»,- գրած է Գէորգեանը: