ՀՕՊ ստորաբաժանումները առաւօտեան Արցախի մէջ հակառակորդի 1 ինքնաթիռ եւ 1 ԱԹՍ եւս խոցած են

2020-10-02
Image

Հայկական ուժերու Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները, ժամը 07:55-ի սահմաններուն, Արցախի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ խոցած են հակառակորդի ինքնաթիռ մը եւ անօդաչու թռչող սարք մը։ Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին  գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։

«Արցախի սահմանի երկայնքով կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները։ Հակառակորդի՝ առանձին հատուածներու վրայ մեր զօրքերու պաշտպանութիւնը ճեղքելու փորձերը ձախողած են»,- գրած է Ստեփանեան։