Հրադադարը խախտուած է 22 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է 497 կրակոց

Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ, յուլիս 28 լոյս 29-ի գիշերը եւ այսօր առաւօտեան, պահպանուած է յարաբերական անդորր։ Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
«Ատրպէյճանական կողմը հրաձգային զինատեսակներով խախտած է հրադադարը 22 անգամ` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով 497 կրակոց:
Քոլագիր, Մովսէս, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Կոթի ուղղութիւններով տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն վրայ` 5 անգամ։
Երասխ, Չիվա, Զանգակատուն, Ելփին ուղղութիւններով տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն վրայ` 5 անգամ։
Բարձրունի, Անգեղակոթ ուղղութիւններով տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն վրայ` 12 անգամ»,- յայտնած է Ստեփանեան։