ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի վարչութեան պետը «Քորոնա»ի քննութիւն անցած է. Խօսնակ

2020-05-13
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անվտանգութեան աշխատակիցի «Քորոնա» ժահրով վարակուելու լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին 12 մայիսին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանն՝ անդրադառնալով մամուլի մէջ եղած հրապարակման, թէ անվտանգութեան աշխատակիցներէն մէկուն մօտ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է։

«Եթէ ձեզի յաւելեալ տեղեկութիւն պէտք է կրնաք կապ հաստատել ՊՊԾ–ի ղեկավարութեան հետ»,– ըսած է ան:

Դիտարկման, որ մամուլը կը գրէ, որ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է նաեւ վարչապետի աշխատակազմի քատրերու վարչութեան աշխատակիցներէն մէկուն մօտ. Մանէ Գէորգեանը պատասխանած է. «Ամէն անգամ աշխատանքի գալու ժամանակ մուտքի մօտ ջերմութիւնը կը չափեն ու աշխատակիցներէն մէկուն մօտ ջերմութիւն եղած է, քննութիւն յանձնած է, կը սպասենք քննութեան պատասխանը։ Անոր շփման շրջանակն ալ հաստատուած է՝ 1 աշխատակից է, որ այս պահուն մեկուսացուած է։