ՀՀ ղեկավարութիւնը Եռաբլուրի մէջ յարգեց Հայրենիքի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակը

2020-09-21
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առիթով այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

՝ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ-ն, ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ծաղիկներ դին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: