Հերոսական դրուագներ. Արամայիս Թեւանեանը խոցած է հակառակորդի 10-է աւելի ռազմական մեքենայ

2020-10-05
Image

2 Հոկտեմբերին ՊԲ պաշտպանութեան գօտիի մարտական դիրքի վրայ հակառակորդի մեծաքանակ ուժերու յարձակման ընթացքին մայոր Արամայիս Վիրապի Թեւանեանը ցուցաբերած է նախաձեռնութիւն, ճիշդ կազմակերպելով հաշուարկի գործողութիւնները` խոցած է հակառակորդի 10-էն աւելի ռազմական մեքենայ:

Մայոր Ա. Թեւանեանի հաշուարկի անվրէպ կրակոցները մեր մարտիկներուն համար ստեղծած են հնարաւորութիւն` ետ մղելու հակառակորդի գրոհն ու անառիկ պահել մարտական դիրքերը: Այս մասին յայտնած է ՊՆ մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեանը։