Հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով վերսկսած են հրետակոծութիւնները

Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւնը: Առանձին հատուածներու մէջ տարբեր ուժգնութեամբ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը:
Առաւօտեան հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը, խախտելով մարդասիրական հրադադարը, վերսկսած է հրթիռահրետանային հրետակոծութիւնները՝ յատկապէս կրակ բանալով հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան հատուածներուն մէջ:
ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը կասեցնելու համար ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը ձեռնարկեն համարժէք գործողութիւններ՝ շարունակելով վստահօրէն իրականացնել հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը: