Հատրութի մէջ սպանուած հաշմանդամութիւն ունեցող տղան որպէս անզէն ըլլալու նշան ձեռքը վեր պարզած է. կրակած են ձեռքէն. ԱՀ ՄԻՊ

2020-10-12
Image

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը Twitter–ի իր էջին Հատրութի մէջ ատրպէյճանցիներու կողմէ սպաննուած հաշմանդամութիւն ունեցող տղային լուսանկարները հրապարակած է։

Ան նշած է, որ «ներթափանցող խումբի անդամները կրակած են նոյնիսկ տղայի բաց ափին մէջ, որ ենթադրաբար բարձրացուցած էր, որպէսզի ցոյց տար, որ ան անզէն է իր տան մէջ»,–լուսանկարներուն կից գրած է Բեգլարեանը։

Յիշեցնենք,  տղային մօրը նոյնպէս սպաննած են։

Յիշեցնենք, որ այսօր Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ թշնամին ամէն կերպ կը փորձէ ներխուժել Հատրութ։

Ուշադրութիւն, լուսանկարը +18 է: