Հայ գերիներու նկատմամբ հակառակորդի անմարդկային, դաժան վերաբերմունքի մասին տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ տարածուած են. ՀՀ ՄԻՊ

2020-10-15
Image

Այսօր Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ձեռք բերած է հայ գերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անմարդկային, դաժան վերաբերմունքը ցուցադրող երկու տեսանիւթ եւ լուսանկարներ: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեանը։

«Այսօր Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ձեռք բերած է հայ գերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անմարդկային, դաժան վերաբերմունքը ցուցադրող երկու տեսանիւթ եւ լուսանկարներ:

Այդ տեսանիւթերուն մէջ Ատրպէյճանի զինուորականները մարդոց կ'ենթարկեն առաւելագոյն նուաստացման, իսկ յետոյ բացառիկ ցինիզմով դաժանաբար կը սպանեն: Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու պահուածքն ու խօսքը լեցուած են ատելութեամբ:

Այս տեսանիւթերը տարածուած են այսօր ատրպէյճանական աղբիւրներով՝ նաեւ թիրախաւորելով երեխաներ ու տարեցներ:

Այնուհետեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հերքում այն մասին, թէ իրենք առնչութիւն չունին տեսանիւթերուն հետ: Անկէ ետք, համացանցի ատրպէյճանական աղբիւրներէն սկսած են հեռացնել տեսանիւթերը:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը, սակայն, բոլոր աղբիւրները ժամանակին փաստագրած է:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի փորձագէտները ճշգրիտ տեղորոշած են նաեւ ատրպէյճանական յանցաւոր արարքներու կատարման վայրն ու ժամը: Կատարուած է օգտագործուող խօսքի թարգմանութիւն, որ ամրագրուած է տեսանիւթերուն մէջ:

Տեսանիւթերն ու լուսանկարները արդէն ստացած են անհրաժեշտ իրաւական ամրագրում՝ որպէս պատերազմական յանցագործութեան մասին վկայող անհերքելի իրաւական ապացոյցներ:

Տեսանիւթերը եւ լուսանկարները անհրաժեշտ նկարագրութեամբ վաղը առաւօտեան պիտի ուղարկուին միջազգային մարմիններուն՝ ըստ իրաւասութեան»,- գրած է ան։