Հայ-ատրպէյճանական սահմանին պահպանուած է յարաբերական անդորր

2020-07-28
Image

27 Յուլիսի լոյս 28-ի գիշերը եւ այսօր առաւօտեան հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին պահպանուած է յարաբերական անդորր։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

Ան, մսնաւորապէս, նշած է. «Ատրպէյճանական կողմը հրաձգային զինատեսակներէն խախտած է կրակի դադարեցման ռեժիմը 17 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 220 կրակոց:

Չինարի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն մէջ` 2 անգամ

Ցղունի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն մէջ` 2 անգամ

Զանգակատուն, Չիւա ուղղութիւններով տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներուն մէջ` 13 անգամ»: