Հայերը փակած են եւրոպական կարեւորագոյն մայրուղիները

2020-10-16
Image

Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտող եւ ի պաշտպանութիւն Արցախի կազմակերպուող բողոքի ցոյցերը, բազմամարդ հաւաքները աշխարհի տարբեր կէտերուն մէջ կը շարունակուին: Մեր հայրենակիցները փակած են Հոլանտան Պելճիքային կապող եւ Համպուրկ-Պերլին ճանապարհները: Անոնք եւրոպական կարեւորագոյն մայրուղիներ են:

Հայերը կը վանկարկեն, որ պէտք է վերջ դնել ատրպէյճանա-թրքական յարձակման, Էրտողանն ահաբեկիչ է:

Եռագոյնով փակուած հարիւրաւոր մեքենաներ, հազարաւոր մարդիկ մայրուղիներու վրայ կը պահանջեն նաեւ արդար լուսաբանում, Արցախի անկախութեան ճանաչում:

Հայերու կողմէ փակուած են Եւրոպայի ամենակարեւոր միջպետական մայրուղիները, երթեւեկութիւնը կաթուածահար է Ֆրանսայէն Սպանիա, Ֆրանսայէն Պելճիքա, Պելճիքայէն Հոլանտա, Ֆրանսայէն Զուիցերիա, Հոլանտայէն Գերմանիա, Լիւքսըմպուրկ-Պելճիքա-Ֆրանսա ճանապարհներուն: