Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 8216-ի

2020-05-28
Image

Հայաստանի մէջ, 28 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 8216 դէպք, որոնցմէ 3287 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 4772 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 54 931 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 442 նոր դէպք եւ 32 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 15 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 113):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդներէն ամենատարեցը եղած է 92 տարեկան, իսկ ամենաերիտասարդը՝ 43։

Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է մահուան եւս 44 դէպք , երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։