Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 6302-ի

Հայաստանի մէջ, 23 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 6302 դէպք, որոնցմէ 2936-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3257 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 49 080 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 374 նոր դէպք եւ 62 առողջացած։
Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 77 (աւելցած է եւս 3-ով) դէպք:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 74 տարեկան տղամարդ եւ 86 ու 54 տարեկան կին, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Ընդհանուր դէպքերու թիւը հասած է 32-ի։