Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 44 461-ի

2020-09-04
Image

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 4 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 190 նոր դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 44 461-ի, որոնցմէ բուժուած է 39 257 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 4 041 հիւանդ:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 891-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 4 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն 402-ն է։