Հայաստանի օդային սահմանը հատած թշնամիի «Տրոններ»ը հետախուզական էին

2020-10-02
Image

Ըստ ՀՕՊ տեղորոշման տուեալներու, ժամը 00։15-ի դրութեամբ ՀՀ ԶՈՒ կողմէ խոցուած է չորս ԱԹՍ՝  մէկը Կոտայքի, եւս երեքը Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ 

Այս մասին ֆեյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեանը:

«Բոլոր խոցուած անօդաչուները եղած են հետախուզական։ Այսպիսով, ՀՀ օդային տարածքին մէջ այսօրուան ընթացքին ընդհանուր առմամբ խոցուած է 7 անօդաչու», - գրած է ան: