Հայաստանի մէջ ոչ մէկ ուժ կրնայ խաթարել մեր երկրի կայունութիւնը. Վարչապետ

2020-05-07
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 2018-ի Մայիսէն ի վեր հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցումով՝ այս մասին Ազգային ժողովի ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներու մասին տարեկան զեկոյցի քննարկումի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայուն ժողովրդավարական պետութիւն է։ Գիտէք, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ շատ երկար տարիներ հաստատուած  եղած է մենատիրական կայունութիւն։ Եւ մենատիրական կայունութեան ֆոնին ժողովրդավարական կայունութիւնը երբեմն կրնայ անկայունութեան տպաւորութիւն ձգել։ Բայց ես կ'ուզեմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն, հաստատուած է ժողովրդական եւ ժողովրդավարական իշխանութիւն, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայունութեան ոչինչ կը սպառնայ։ Պատիւ ունիմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չկայ որեւէ քաղաքական, ոճրային, մաֆիոզ ուժ, որ ի վիճակի ըլլայ խաթարել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայունութիւնը, որ ի վիճակի ըլլայ կասկածի տակ դնել 2018 թուականին տեղի ունեցած ոչ բռնի, ժողովրդական, թաւշեայ յեղափոխութիւնը»,- Ըսած է վարչապետը։