Հայաստանի մէջ մեկնարկած է ՀՀ ՊՆ եւ ՌԴ Հարաւային ռազմական շրջանի զինծառայողներու երկկողմ մարտավարական վարժանքը

2020-09-07
Image

Ռուսաստանի Հարաւային ռազմական շրջանի (ՀՌՇ) Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռազմակայանի զինծառայողները Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինծառայողներուն հետ երկկողմ գումարտակային մարտավարական վարժանքներու շրջածիրէն ներս երթեր կատարած են Կամխուտ եւ Ալագեազ զօրավարժարաններ։

Մոթոհրաձգային, հրասայլային, ճարտարապետական, հետախուզական ստորաբաժանումներու զինծառայողները պաշտպանական եւ յարձակողական գործողութիւններ պիտի իրականացնեն հետախուզական-հարուածային (կրակային) համալիրներուն մէջ՝ հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու, դաշտային-ռազմավարական եւ բանակային օդուժի աջակցութեամբ:

Վարժանքներու եւ պայմանական հակառակորդի ուժերու ու միջոցներու կրակային խոցումը վարելու ընթացքին ստորաբաժանումներու գործողութիւններու հսկողութիւնը պիտի իրականացնեն անօդաչու թռչող սարքերու հաշուարկները:

Զօրավարժութիւններու ընթացքին զինծառայողները օրուայ ցերեկային եւ գիշերային ժամերուն պիտի կատարեն զրահամեքենաներու վարման ստուգարքային վարժութիւններ, մարտական հրաձգութիւն հրաձգային զէնքով, նռնականետերով, հետեւակի մարտական մեքենաներու, հրասայլերու, հրետանային եւ զէնիթահրթիռային կայանքներու սպառազինութեամբ։

Երկկողմ գումարտակային մարտավարական վարժանքին կը մասնակցիեն Հարաւային ռազմական շրջանի շուրջ հազար զինծառայողներ, գործի դրուած է շուրջ 300 միաւոր ռազմական յատուկ սարք, որոնց շարքին՝ կործանիչ, բանակային եւ անօդաչու օդանաւեր: