Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք

Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք։ Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրառում կատարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Սիրելի հայրենակիցներ, հիմա կառավարութեան որոշումով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն:
Զօրքերուն կցագրուած անձնակազմերուն կոչ կ՝ընեմ ներկայանալու իրենց տարածքային զինուորական կեդրոններ:
Յանուն հայրենիքի, յանուն յաղթանակի»,- գրած է Փաշինեան: