Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5606-ի

Հայաստանի մէջ, 21 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 5606 դէպք, որոնցմէ 2581-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2928 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 44 822 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 335 նոր դէպք եւ 162 առողջացած։
Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 70 (աւելցած է եւս 3-ով) դէպք:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 64, 65 եւ 90 տարեկան տղամարդիկ, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է նաեւ մահուան 27 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։