Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 48 643-ի

25 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 48 643 պարագայ, որոնցմէ 43 401-ը` առողջացած, 947-ը` մահացած:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 4 002 հիւանդ:
Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 276 007 հետազօտութիւն:
Այսպիսով` երէկ կատարուած է 3842 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 392 նոր պարագայ: Կան 135 առողջացած: