Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 44 271-ի

2020-09-03
Image

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 3 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 196 նոր  դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 44 271-ի, որոնցմէ բուժուած է 38 855 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 4 258 հիւանդ:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 887-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 3 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն  224-ն է։