Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 963-ի

Հայաստանի մէջ, 25 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 936 դէպք, որոնցմէ 36 475-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 343 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 196 873 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 111 նոր դէպք եւ 426 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 4 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 858):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 61 (կին), 65 (տղամարդ), 70 (տղամարդ) եւ 67 (կին) տարեկան: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մաճուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 260 է: