Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 057-ի

2020-08-19
Image

Հայաստանի մէջ, 19 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 057 դէպք, որոնցմէ 35 226-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 748 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 188 567 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 210 նոր դէպք եւ  244 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 1 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 833):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած է 70 տարեկան կին եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 249 է: