Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 701-ի

Հայաստանի մէջ, 17 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 701 դէպք, որոնցմէ 34 655-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 978 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 185 594 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 38 նոր դէպք եւ 71 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 6 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 824):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 59, 45 տարեկան տղամարդիկ եւ 72, 82, 82, 74 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 244 է: